2014-04-25 10:09:53

Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ` Երկու Քահանայապետեր մէկ սրբութիւն։


Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ–ի սրբադասումի փաստաբանները` հայր Քալիֆանօ եւ գերապայծառ Օտեր, այս օրերուն միջազգային մամուլին առջեւ ներկայացուցին երկու Քահանայապետերու սրբադասման դատերը։
Ներկայացնելով Յովհաննէս ԻԳ սրբութեան դատը, Հայր Քալիֆանօ ըսաւ. ''երանելի Յովհաննէս ԻԳ-ը իր կեանքի չորս եղանակներուն ընթացքին ջանաց ապրիլ Աստուծոյ կամքին համաձայն, նախ որպէս քահանայ, ապա որպէս եպիսկոպոս եւ հուսկ որպէս Քահանայապետ։ Արդէն որպէս ժառանգաւոր, 15 տարեկանին կը գրէր. կ'աշխատիմ սուրբ դառնալ հետեւեալ չորս որռշումները առնելով. հոգւով միացած մնալ Յիսուսի հետ, սրտով Յիսուսի հետ կապուած մնալ, Մարեմեան ս. վարդարանը աղօթել եւ տէր ըլլալ իմ բոլոր ներգործութիւններուս''։
Սրբութիւն մը, ընդգծեց հայր Քալիֆանօ, յատկանշուած ճշմարիտ խոնարհութեամբ ու լիովին ապաւինելով նախախնամութեան։
Օրուան աւարտին ան կ'ըսէր. ''Աստուած ամէն բան է, ես ոչինչ եմ. ասիկա ինծի բաւարար է''։
Յովհաննէս ԻԳ եղաւ Հովիւ եւ հայր։ Հայր մը որ յուզեց համայն աշխարհը։ Պօղոս Զ Քահանայապետը զայն կոչեց ''բարի Քահանայապետ'' այլ ոմն Քրիստոս. սիրով զեղուն ու խաղաղասէր։
Գերապայծառ Օտեր, ներկայացնելով երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ, մէջբերեց անոր դասընկերներուն մէկ խօսքը. 'ապագայ սուրբը'։ Անոնք շատ տպաւորուած էին անոր աղօթասիրութենէն ու անոր յաճախակի խօսակցութենէն կեանքի արժէքին մասին։ Երեք անհատներ ազդեցութիւն ունեցած են անոր հոգեւոր կեանքին վրայ. Մարեմեան հասուն հաւատք մը, անոր հայրը` Քրաքովիայի պարզ դերձակը որ ճանչցուած էր որպէս 'առաքեալը' եւ թեմի առաջնորդը, որ զինք նորընծայարան ընդունեց։ Անոնց կը պարտէր իր հաւատքը` պարզ եւ ժողովրդական։ Ան արիութեամբ գիտցաւ դիմագրաւել կեանքի ձախորդութիւնները, մարդկային պատմութեան էջերու մէջ տեսնելով Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Ան եղաւ ճշմարիտ 'Աստուծոյ մարդը'։ Աստուծոյ մէջ Ան գտաւ կեանքի աղբիւրը։ Աղօթքը իրեն համար եղաւ առօրեայ հացը, ջուրը եւ կեանքը։ Ան յաճախ կը կրկնէր. Քահանայապետի ու Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է Քրիստոսի աւետարանը քարոզել ու մարդիկը սրբութեան հրաւիրել։ Ան երիտասարդ տարիքին ընդունեց 'Աստուածային Ողորմութեան'' շնորհքը եւ այդ պատճառաւ սիրով համապատասխանեց այդ շնորհքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.